2017-06-18 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը` Սուրբ Հաղորդութիւնը կը պահանջէ նուիրում` ուրիշներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 18 Յունիս 2017-ին, ըստ Լատինաց Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան Տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ ակնարկելով Սուրբ հաղորդութեան խորհուրդին, հաստատեց թէ Յիսուս, վերջին ընթրիքի պահուն  բեկանած հացին նման, ինքզինք բեկանեց մեզի համար. Այս է Սուր Հաղորդութեան խորհուրդը  աւելցուց Նորին Սրբութիւնը ու հրաւիրեց մեր կարգին նուիրուիլ ուրիշներուն։

''Յիսուսը բեկանուեցաւ, բեկանուեցաւ մեզի համար։ Այս է Սուրբ հաղորդութիւնը։ Մեզմէ կը պահանջէ` ինքնանուիրում ու բեկանում ուրիշներու համար'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ։








All the contents on this site are copyrighted ©.